2016-09-10 08:40:00

Հիւսիսային քորէայի հիւլէական փորձարկումին հետեւանքով երկրաշարժ` քորէական թերակղզիին մէջ


Հիւսիսային Քորէան երէկ պաշտօնապէս հաստատեց, որ հիւլէական հերթական փորձարկումը կատարած է:

Փորձարկումին պատճառով քորէական թերակղզիին մէջ արձանագրուեցաւ երկրաշարժ մը: Ի յայտ եկաւ, որ 4,9-5,3 ուժգնութեամբ երկրաշարժին կեդրոնը Հիւսիսային Քորէայի մէջ հիւլէական զէնքի փորձարկման համար նախատեսուած կեդրոնի շրջանն է:

Երկրաշարժը այնքան ուժեղ եղած է, որ ցնցումները զգալի դարձած են նոյնիսկ Հիւսիսային Քորէայի սահմանամերձ ռուսական բնակավայրերուն մէջ:

Հարաւային Քորէայի եւ Ճափոնի իշխանութիւնները արդէն վստահութիւն յայտնած էին, որ ստորգետնեայ ցնցումները հիւլէական մեծ ռումբի մը փորձարկման պատճառով են: Համապատասխան յայտարարութիւններ կատարած էին Հարաւային Քորէայի նախագահ Փաք Քըն Հեն եւ Ճափոնի կառավարութեան գլխաւոր քարտուղար Եոսիհիտէ Սուքան: Չինաստան իր կարգին Հիւսիսային Քորէայի սահմանամերձ իր շրջաններուն մէջ շողարձակումներու մակարդակի ստուգումներու ձեռնարկեց:

Ըստ Սէուլի, այս անգամ պայթեցուած ռումբին հզօրութիւնը կրնայ 10 քիլոթոն ըլլալ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ասիկա հիւսիսային Քորէայի պատմութեան մէջ մեծագոյն հիւլէական փորձարկումն էր:

Հիւսիսային Քորէայի քայլը արժանացաւ միջազգային բուռն դատապարտումի:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.